image

Թուրք քարոզիչը դատապարտուած է 8658 տարուայ բանտարկութեամբ

Թուրք քարոզիչը դատապարտուած է 8658 տարուայ բանտարկութեամբ

Իսթանպուլի դատարանը թուրք քարոզիչ Ատնան Օքթարի գործով նոր վճիռ կայացուցած է՝ սահմանելով աշխարհի ամենաերկար բանտարկութիւններէն մէկու վերաբերեալ վճիռը, գրած է dailysabah.com-ը:

Չորեքշաբթի կայացած կրկնակի դատավարութեան վերջին լսումներու ժամանակ Օքթար եւ եւս 14 մեղադրեալ դատապարտուած են 8658-ական տարուան ազատազրկման։

Օքթարի եւ անոր կամակատարներու դէմ դատավարութեան առաջին վճիռը հրապարակուած է 2021 թուականի յունուարին։ Վերաքննիչ դատարանը բեկանած էր դատավճիռը՝ պատճառաբանելով իրաւական թերութիւնները եւ հրամայած՝ վերսկսիլ դատավարութիւնը։ 

Այս անգամ Օքթար դատապարտուած է եւս 891 տարուան ազատազրկման՝ յանցաւոր կազմակերպութիւն ղեկավարելու, սեռական բռնութեան, կրթութեան իրաւունքէն զրկելու, խոշտանգումներու, առեւանգման եւ անձնական տուեալներու ապօրինի պահպանման մեղադրանքով։

Օքթար, ընդհանուր առմամբ, դատապարտուած է 8658 տարուան ազատազրկման, քանի որ դատարանը պատճառաբանած է, որ ան պէտք է դատապարտուի նաեւ իր աշակերտներու կատարած յանցագործութիւններու համար՝ որպէս յարանուանութեան ղեկավար։

Օքթար «իսլամական քրեացիոնիզմի (ստեղծականութիւն)» գաղափարախօսութեան հեղինակն է. այն կը հերքէ էվոլուցիայի (եղափոխութեան) տեսութիւնը։ Նախապէս ան  մեղաւոր ճանչցուած էր սեռական ոտնձգութիւններու եւ բռնութեան, այդ շարքին՝ անչափահասներու նկատմամբ, առեւանգման, հարկային խախտումներու համար։ Գործին մէջ ներգրաւուած է աւելի քան 200 մեղադրեալ, անոնցմէ մի քանին դատապարտուած են «Օքթարի յանցաւոր կազմակերպութեան» մասնակցելու համար։