image

Թուրք քաղաքապետը պախարակած է օրեր առաջ Հայութիւնը վիրաւորած Թանճու Էօզճանը 

Թուրք քաղաքապետը պախարակած է օրեր առաջ Հայութիւնը վիրաւորած Թանճու Էօզճանը 

Օրերս, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած է Արեւագալի արարողութիւն, որուն ներկայ գտնուած է նաեւ Կղզեաց քաղաքապետ Էրճան Աքփոլատ։ Ան իր ելոյթի ընթացքին դատապարտած է Պոլուի քաղաքապետի ըրած խտրական գրառումը, նաեւ յիշեցուցած, որ Կղզիները լաւագոյն օրինակելի վայրերն են ուր ամէն ազգէ եւ տարբեր հաւատքներէ անձեր միասնութիւնը կը ցոլացնեն։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Պոլսոյ «Ժամանակ»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Երէկ, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Արեւագալի արարողութիւն, որուն առթիւ տեղւոյն թաղային խորհուրդը հիւրընկալեց նաեւ Կղզեաց քաղաքապետ Էրճան Աքփոլատը։ Արարողութեան հանդիսապետեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, թաղային խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Շատեան ընդունեց քաղաքապետ Էրճան Աքփոլատը, որ զրոյցի ընթացքին պախարակեց վերջին օրերուն հանրային կարծիքի մտահոգութեան պատճառ դարձած խտրական արտայայտութիւնները։ ՃՀՓ-ական քաղաքապետ Էրճան Աքփոլատ նշեց, որ կղզիներու մթնոլորտը համակեցութեան լաւագոյն օրինակն է։

Հարկ է նշել, որ այստեղ խօսքը կը վերաբերի Պոլուի՝ նոյնպէս ՃՀՓ-ական քաղաքապետ Թանժու Էօզճանի յայտնի գրառման, որու ցոլացուցած ցեղապաշտ մտայնութիւնը խոր ցաւ յառաջացուցած էր։ Երէկուան զրոյցի ընթացքին, ըստ Գնալըի եկեղեցիէն կատարուած հաղորդումներուն՝ Էրճան Աքփոլատ պախարակած է իր հետ նոյն կուսակցութենէն Թանժու Էօզճանի խօսքերը։ Յամենայնդէպս, Թանժու Էօզճան հեռուստաալիքի մը վրայ յայտնած է, որ այդ գրառման համար չի զղջար։ ՃՀՓ-էն ներս ալ ոչինչ կը կատարուի այս կապակցութեամբ։