Թուրքիոյ խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Ֆուաթ Օքթայ Ուաշինկթըն կատարած այցի ծիրէն ներս հանդիպած է հանրապետական ծերակուտականներ Ճիմ Ռիշի ու Թոմաս Թալիսի եւ դեմոկրատ ծերակուտական Ճին Շահինի հետ:
Թրքական լրատուամիջոցներու տուեալով՝ բանակցութիւններու ընթացքին քննարկուած են Միացեալ Նահանգներէն F-16 կործանիչներ գնելու Թուրքիոյ յայտը, Կազայի մէջ տիրող իրավիճակը, Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ շարունակուող հակամարտութիւնը, իրավիճակը Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ, գործակցութիւնը ՆԱԹՕ-ի մէջ եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը։
Լրագրողներու հետ զրոյցին Օքթայ նշած է, որ Միացեալ Նահանգներ քոնկրեսականներու հետ հանդիպումներուն քննարկած է նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւններու կարգաւորումը, ինչպէս նաեւ Կիպրոսի հարցը:
Թուրք պաշտօնեան նշած է՝ եթէ Միացեալ Նահանգներ դադրեցնէ աջակցութիւնը Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութեան, կրնայ ըլլալ նոր էջ բացուի երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ։ Անոր խօսքով՝ Անգարան ու Ուաշինկթըն տարաձայնութիւններ ունին նաեւ Կազայի իրավիճակի հարցով: