image

Թորոնթոյի մէջ. Փառաւորապէս նշուած է Ս. Մարիամի վերափոխման տօնը

Թորոնթոյի մէջ. Փառաւորապէս նշուած է Ս. Մարիամի վերափոխման տօնը

Օրերս Գանատայի Թորոնթո քաղաքին մէջ  փառաւորապէս նշուած է Սուրբ Մարիամ Աստուածածնի վերափոխման տօնը ի ներկայութիւն՝ թեմակալ Առաջնորդ ՝Գերշ. Տ. Բաբգէն արք. Չարեանի։

Ասոր մասին իմացանք Գանատայի Թեմի դիմատետրեան էջէն։

 Ստորեւ կը ներկայացնենք եղած լրատւութիւնը։

Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով ամբողջ շաբթուան ընթացքին, կը կազմակերպուի եկեղեցական արարողութիւններ , որոնց ընթացքին կը կատարուին հոգեւոր խորհրդածութիւններ, աղօթասացութիւն, սաղմոսասացութիւն Նարեկացիի աղօթքներ եւ Ս.Գրային ընթերցուածներ։ Այս հոգեւոր խորհրդածութիւնները հաւատացեալներուն առիթ կ՚ընծայեն աւելի խորանալու Աստուածամօր առաքինութեան եւ կեանքի օրինակելի պատգամին։

Արդարեւ, 12-16 Օգոստոս 2024-ին, Թորոնթոյի Հայց. Առաքելական Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ, Եկեղեցւոյս Հովիւները ուխտաւոր հաւատացեալներու փոխանցեցին ուխտի շաբթուան հոգեւոր պատգամներ։ Իւրաքանչիւր օրուան աւարտին տեղի ունեցաւ խունկի, իւղի, մեղրի, աղի եւ հմայիլ աղօթաթերթիկնեու օրհնութեան կարգ եւ բաշխում։

Ուխտի շաբթուան աւարտին, Շաբաթ 17 Օգոստոսի երեկոյեան, եկեղեցական արարողութենէն ետք, ուխտաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ աւանդական աղօրհնէքի արարողութիւն։ 

Նշենք, որ Շաբաթ 17 Օգստ.-ի օր, ուխտաւորներ աղօթքով ու խորհրդածութեամբ կ՚անցընեն իրենց ամբողջ օրը Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ, իսկ կամաւորներու խումբ մը մատաղի պատրաստութեան կը լծուին։

Շաբաթ երեկոյեան ժամերգութեան աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եկեղեցւոյ դահլիճէն ներս, ընդունեց Օնթարիոյ Նահանգի Երեսփոխաններ եւ կարգ մը բարձրաստիճան պատասախնատուներ: Հիւրերը նախ շնորհաւորեցին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ Թորոնթոյի հայկական համայնքը, Աստուածածնայ վերափոխման տօնին առթիւ, ապա միասնաբար այցելեցին, եկեղեցւոյ կողմէ կազմակերպուած «Քերմէսի» հանդիսութեան, ուրախակից ըլլալով ներկաներուն հետ:

Կիրակի 18 Օգստ.ին, ի լրումն տօնակատարութեան, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատոյց եւ իր հայրական պատգամը փոխանցեց ներկայ ուխտաւոր հաւատացեալներուն: Սրբազան Հայրը իր պատգամին ընդմէջէն վեր առաւ Աստուածամօր առաքինութիւնները, եւ թելադրեց ներկաներուն հետեւիլ Տիրամօր կեանքին եւ օրինակին:

Աւարտին «Մատաղի, խաղողի եւ ջուրի» օրհնութիւն կատարուեցաւ եւ բաշխուեցաւ հաւատացեալներուն:

Երկուշաբթի 19 Օգստ.«Յիշատակ Մեռելոց» Ս.եւ Անմահ Պատարագ եւ հոգեհանգիստ համայն ննջեցելոց հոգիներուն, կատարուեցաւ: Կամոքն Աստուծոյ իր լրումին հասաւ, Աստուածամօր Վերափոխման Տօնակատարութիւնը: