Օրերս Թորոնթոյի հայկական համայնքը քրիստոնէական ջերմ ոգիով տօնախմբած է Սուրբ Աստուածածնայ Տօնը։
Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն արք. Չարեանի նախագահութեամբ եղած արարողութիւնները յաւելեալ փայլ ստացած են, որովհետեւ այդ օր կը նշուի Թորոնթոյի հայկական Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ անուանակոչութիւն-տօնը։
«Արեւելք» այս մասին իմացաւ Թեմի պաշտօնական էջէն։
Ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը։
Կիրակի, Օգոստոս 17 2025-ին, Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման եւ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին, գիշերուան ամբողջ տեւողութեան կատարուած շարականներով ու աղօթքներով բացուեցաւ հոգեշունչ օր մը, որուն գագաթնակէտը եղաւ առաւօտեան ժամը 10:30-ին մատուցուած Սուրբ եւ Անմահ Եպիսկոպոսական Պատարագը։
Պատարագը մատուցեց Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն Ս. Արք. Չարեան, որուն սպասարկեցին եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ Գերպ. Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան եւ Արժ. Տ. Տաթեւ Աւագ Քհնյ. Միքայէլեան։ Սարկաւագաց դասը իրենց նուիրեալ ծառայութեամբ զարդարեց խորանը, իսկ «Զարեհ Ազնաւորեան» դպրաց դասը՝ Անուշ Գալստեանի ղեկավարութեամբ, երկինք հասցուց պատարագի սրբազան երգեցողութիւնը։
Սրբազան Հայրը քարոզին ընթացքին ընդգծեց Սուրբ Աստուածածնայ անթառամ առաքինութիւնները, Մարիամ Աստուածածնի բարեխօսութիւնը հայցելով ի մասնաւորի հայ ազգին եւ եկեղեցւոյ։
Օրուան աւելի յուզիչ պահերէն մէկը եղաւ, երբ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, Օրհնութեան Գիրով գնահատանեց ու շնորհաւորեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Տաթեւ Աւագ քահանայ Միքայէլեանի, իր քահանայական ձեռնադրութեան 40-ամեակին եւ եկեղեցւոյ ու ազգին իր անձնուէր ծառայութեան առիթով։
Սուրբ եւ անմահ պատարագը իր աւարտին հասաւ կատարուած Խաղողի, Մատաղի եւ Ջուրի Օրհնութեամբ, որոնք բաժնուեցան հաւատացեալներուն։
Թող ուխտը կատար ըլլայ բոլոր ուխտաւորներուն, որոնք աղօթքով, նուիրատուութիւններով, մատաղի պատրաստութեամբ եւ այլ ծառայութիւններով իրենց հաւատքը արտայայտեցին։