image

«Թող պարզեցուի համակարգը». առեւտրականները հերթական անգամ բողոքի ցոյց կատարեցին

«Թող պարզեցուի համակարգը». առեւտրականները հերթական անգամ  բողոքի ցոյց կատարեցին

Տնտեսվարողները վստահ են` իրենց տարիներու աշխատանքն ամբողջութեամբ պիտի զէրոյացուի, բոլորը պիտի սնանկանան։

Տնտեսվարողները կրկին ՀՀ կառավարութեան շէնքի մօտ են եւ կը շարունակեն իրենց բողոքի ցոյցը ընդդէմ հարկային փոփոխութիւններու, որոնց համաձայն` շրջանառութեան 5% հարկը դարձած է 10%։

«Ազգի դէմ հարկային տեռոր է, ու սա տանում է թալանի։ Մենք հարկերից չենք հրաժարւում, թող ուղղակի փոփոխութիւնները պարզեցնեն։ Մաքսատներում մեր ապրանքները հարկւում են, թող 1.5 տոկոս դնեն, յետոյ էլ 2-3 ձեռքով էլ է անցնում, դա էլ հարկեն ու դառնայ 4.5 տոկոս, ու ով էլ ՀԴՄ չտայ, դրա տուգանքը բարձրացնեն»,–ըսած է առեւտրականներէն մէկը։

Անոնք վստահ են իրենց 40-50 տարուան աշխատանքն ու ձեռք բերածը 1 օրուան մէջ պիտի զէրոյացուի, եւ բոլորը պիտի սնանկանան։ Նշած են, որ շուտով գոյքագրում պիտի ըլլայ, ու բոլորով պիտի կանգնին դատարանի դիմաց։

Երեւանի առեւտուրի կէտերէն մէկու այլ աշխատակից նշած է` կառավարութենէն խնդրած են յետաձգել հարկային փոփոխութիւնները, որ իրավիճակը կարողանան հասկնալ, բայց մերժում ստացած են։

Առեւտրականները դժգոհ են նաեւ համատարած գոյքագրման եւ յայտարարագրման պահանջէն։

Յիշեցնենք, որ ցոյց եղած էր նաեւ յունուար 23-ին։ Այս ընթացքին հանդիպումներ եղած են կառավարութեան մէջ, սակայն առեւտրականները դժգոհ են արդիւնքներէն։