image

Թրքական ընկերութիւնը՝ Ատրպէյճանի թիւ մէկ մատակարար

Թրքական ընկերութիւնը՝  Ատրպէյճանի թիւ մէկ մատակարար

Թրքական պաշտպանական մատակարար Aselsan-ն Ատրպէյճանին պիտի մատակարարէ Aselflir-500 ելեկտրատեսաբանական հսկողութեան եւ ուղղորդման համակարգեր, ինչպէս նաեւ կառավարուող Tolun հրթիռներ՝ յայտնած է Minval-ը՝ յղում ընելով The Defense Post-ին։

Երկու համակարգերն ալ նախատեսուած են Պաքուի կողմէ վերջերս ձեռք բերուած Akıncı հեռահար անօդաչու թռչող սարքը վերազինելու համար:

Aselflir-500 համակարգը նախատեսուած է հետախուզման, հսկողութեան եւ թիրախաւորման համար: Այն համալրուած է բարձր լուծաչափով այսրկարմիր տեսախցիկով՝ 3-5 միքրոմեթր հեռահարութեամբ, ցերեկային տեսողութեան տեսախցիկով, կարճ ալիքի այսրկարմիր տեսախցիկով, լազերային ցուցիչով, հեռաչափով եւ լազերային հետագծիչով։

«Օդ-երկիր» կառավարուող Tolun հրթիռն ունի մինչեւ 101 քմ հեռահարութիւն եւ կրնայ հասնիլ մինչեւ 12192 մեթր բարձրութեան: Այն յագեցած է GPS համակարգով եւ իներցիալ նաւագնացութեամբ՝ մինչեւ 10 մեթր թիրախի ճշգրտութեամբ։ Հրթիռն ունակ է ծակել մէկ մեթր երկաթպեթոնը 55 քմ հեռաւորութենէ։

Բացի ատկէ՝ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան հետ ստորագրուած են կապի եւ տեղեկատուական անվտանգութեան համակարգերու, պաշտպանութեան նախարարութեան ազգային օդատիեզերական գործակալութեան հետ՝ ռատիոելեկտրոնային պայքարի եւ Ատրպէյճնի պաշտպանութեան նախարարութեան գիտահետազօտական հիմնարկի հետ՝ Aselsan խելացի զինամթերքի համատեղ արտադրութեան համաձայնագրեր:

Ուշագրաւ է, որ Ատրպէյճանը, որ պարբերաբար դժգոհութիւն կը յայտնէ տարբեր միջազգային գործընկերներու հետ Հայաստանի ռազմական գործակցութեան զարգացումէն, հետեւողականօրէն կը շարունակէ իր ռազմականացման գործընթացը: