image
Հրատապ լուրեր:

Թրքական Ուժեր Ձերբակալած են Բրիտանացի 2 Լրագրողներ

Թրքական Ուժեր Ձերբակալած են   Բրիտանացի  2 Լրագրողներ

Թուրքիա-( «Ալ Նահար»- Պէյրութ) AFP   -էն Ստանալով իր տեղեկութիւնները Լիբանանեան «Ալ Նահար»ը կը գրէ, որ   թուրք ոստիկաններ ձերբակալած են  Բրիտանացի լրագրողներ  Տիարպէքիրի մէջ:  Կը հաղորդուի, որ լրագրողները    Vice News    գործակալութեան աշխատակիցներ են եւ անոնք      երկրի  հարաւ- արեւելեան հատուած  մեկնած են  հետեւելու  եւ լուսաբանելու    հոն արձանագրուող    դէպքերը:  Ոստիկանութիւնը  ձեբակալման մասին  պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակած է  յայտնելով, որ  ձերբակալեալները  ահաբեկչական  գործունէութիւն կը  ծաւալեն շրջանին մէջ:   Լրագրողները կը կոչուին՝ Ժէյք Հանըրահան  եւ  Ֆիլիփ Բանտըլպրի: Amnesty International  թրքական մարմիններէն պահանջած է արագօրէն ազատ արձակել  լրագրողները եւ  վերադարձնել անոնց բռնագրաւուած տեսախցիկներն ու  լուսանկարչական սարքերը: