Ռազմական լրագրողները, որոնք մասնակցած են նախկին նախագահ Պաշշար Ասատի գլխաւորած՝ Սուրիոյ կառավարութեան կողմէ իրադարձութիւններու լուսաբանման, պիտի պատժուին անցումային արդարադատութեան շրջածիրէն ներս։
Ինչպէս տեղեկացուցած է «Արմէնփրէս»-ը, այդ մասին յայտնած է Սուրիոյ տեղեկատւութեան նախարարութիւնը։
«Մենք կը հաստատենք, որ բոլոր ռազմական լրագրողները, որոնք մասնակցած են Ասատի տապալած ռեժիմի տեղեկատուական պատերազմին եւ ուղղակիօրէն կամ անուղղակիօրէն նպաստած են սուրիացի ժողովուրդի դէմ յանցագործութիւններու քարոզչութեան, արդարացիօրէն պիտի պատժուին՝ որպէս անցումային արդարադատութեան մաս»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ։
Աւելի վաղ սուրիական «Ալ-Ուաթան» թերթը յայտնած էր, որ ընդդիմութեան բարձր հրամանատարութիւնն արգիլած է որեւէ ոտնձգութիւն սուրիական պետական լրատուամիջոցներու աշխատակիցներու նկատմամբ: