image

Թրքական աշխարհը կ՚անցնի միասնական այբուբենի

Թրքական աշխարհը կ՚անցնի միասնական այբուբենի

Թրքական աշխարհը պիտի անցնի միասնական այբուբենի։ Այս որոշումը կայացուած է օրերս Պաքուի մէջ տեղի ունեցած թրքական աշխարհի միասնական այբուբենի յանձնաժողովի երկրորդ նիստին։

Այս մասին լրատւութիւն մը կատարած է Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա» պարբերականը։

Ստորեւ կը ներկայացնենք այդ լրատւութիւնը՝

9-11 Սեպտեմբերին Պաքուի մէջ կայացաւ թրքական աշխարհի միասնական այբուբենի յանձնաժողովի երկրորդ նիստը։ Այս յանձնաժողովը հիմնուած է թրքալեզու պետութիւններու կամակերպութեան կողմէ։ Յանձնաժողովի նիստին մասնակցեցան անդամ բոլոր երկիրներու ներկայացուցիչները։

Հանդիպման ընթացքին պատուիրակները համաձայնութիւն գոյացուցին ընդհանուր թրքական այբուբենի նախագծի շուրջ։ Այբուբենը կը բաղկանայ 34 տառէ եւ կը ցոլացնէ թրքական բոլոր լեզուներու հնչիւնները։

Թուրքիա, Ատրպէյճան, Էօզպէքիստան ու Թիւրքմէնիստան արդէն իսկ կը գործածեն այս այբուբենը, բացառութիւն կը կազմեն միայն Ղազախստան ու Ղըրղըզստան։

Թուրք լեզուի կաճառի նախագահ Օսման Մերթ յայտարարեց որ Ղազախստան 2025ին պիտի միանայ այս այբուբենին, իսկ Ղըրղըզստանի պարագային ժամկէտները յստակ չեն։