Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփն ու Իրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն լարուած հեռախօսազրոյց ունեցած են Իրանի թեմայի շուրջ, յայտնած է Times of Israel-ը՝ Channel 12 հեռուստաալիքին յղումով:
Ըստ հեռուստաալիքի՝ կողմերը չեն կրցած լուծել իրանեան խնդրի շուրջ ունեցած տարաձայնութիւնները։ Թրամփ Նաթանիահուին ըսած է, որ կ՚ուզէ դիւանագիտական լուծման հասնիլ իրանցիներու հետ։
«Ես կը հաւատամ լաւ գործարք կնքելու իմ կարողութեան»,-ըսած է Միացեալ Նահանգներու նախագահը: Ան նաեւ ընդգծած է, որ շահագրգռուած է համաձայնութեան հասնելով, որ պիտի ծառայէ երկու կողմերու շահերուն:
Մայիս 22-ին տեղի ունեցած զրոյցի ընդհանուր ոճը, ինչպէս հաղորդած է հեռուստաալիքը, հակասած է աւելի վաղ եղած պաշտօնական յայտարարութիւններուն, որոնց համաձայն՝ առաջնորդներն աւարտած են իրենց հեռախօսազրոյցը փոխըմբռնման հիման վրայ:
Յայտնի է, որ Իսրայէլի վարչապետն Իրանը հարուածելու կողմնակից է: