image
Հրատապ լուրեր:

Թրամփի վարչակազմը Ռուսիոյ հետ համատեղ կը մշակէ Ուքրանիոյ մէջ հակամարտութիւնը դադրեցնելու ծրագիր. Axios

Թրամփի վարչակազմը Ռուսիոյ  հետ համատեղ կը մշակէ Ուքրանիոյ մէջ հակամարտութիւնը դադրեցնելու ծրագիր. Axios

Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը Ռուսիոյ հետ համատեղ կը մշակէ Ուքրանիոյ մէջ ռազմական հակամարտութիւնը դադրեցնելու ծրագիր, հաղորդած է Axios-ը:

Հրատարակութիւնը նշած է, որ 28 կէտէ բաղկացած ծրագիրը ոգեշնչուած է Թրամփի՝ Կազայի պատերազմի լուծման ռազմավարութենէն։ Համաձայնագիրը կը ներառէ չորս հիմնական բաղադրիչ՝ խաղաղութեան հաստատում Ուքրանիոյ մէջ, անվտանգութեան երաշխիքներ, անվտանգութիւն Եւրոպայի մէջ եւ Միացեալ Նահանգներու ապագայ յարաբերութիւններ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ հետ։

Axios-ի տուեալներով՝ Թրամփի յատուկ դեսպանորդ Սթիւ Ուիթքոֆը, որ կը ղեկավարէ ծրագրի մշակումը, այն մանրամասն քննարկած է Ռուսիոյ նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Քիրիլ Տմիթրիեւի հետ, երբ ան հոկտեմբերի վերջը այցելած էր Մայամի։