image

Թրամփէն վիրաւորանք՝ Փելոսիի հասցէին

Թրամփէն վիրաւորանք՝ Փելոսիի հասցէին

ԱՄՆ նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփ Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատի խօսնակ Նենսի Փելոսիին անուանած է «կենդանի», գրած է Politico-ն:

«Եթէ ճիշդը ըսեմ, կը կարծեմ, որ ան կենդանի է»,- ըսած է Թրամփ Տայթըն քաղաքին մէջ Քոնկրէսի միջանկեալ ընտրութիւններու նախաշեմին հանրապետական թեկնածուներու աջակցութեան հանրահաւաքին ժամանակ:

Այնուհետեւ Թրամփ, գիտակցելով հաւանական քննադատութիւնը, որուն կրնայ արժանանալ իր մեկնաբանութեան պատճառով, աւելցուցած է.«Հիմա անոնք պիտի ըսեն՝ «ինչ սարսափելի բան է,  Նենսի Փելոսիին անասուն անուանեց»»։

Ան խօսնակին նաեւ անուանած է «խելագար Նենսի Փելոսի», ինչպէս որ նախապէս ալ յաճախ ըրած էր: