ԱՄՆ նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ պատրաստ է գաղտնազերծելու 2001 թուականի սեպտեմբեր 11-ի ահաբեկչութիւններու հետ կապուած փաստաթուղթերը, եթէ յաղթէ նախագահական ընտրութիւններուն։ Այս մասին ան ըսած է յունիս 2-ին ամերիկեան Fox News հեռուստաալիքին տուած հարցազրոյցին։
Բացի այդ, ան պատրաստակամութիւն յայտնած է հրապարակելու փաստաթուղթեր 1963 թուականին ԱՄՆ 35-րդ նախագահ Ճոն Քենետիի սպանութեան, ինչպէս նաեւ կանանց, այդ՝ շարքին անչափահաս, սեռական շահագործման ենթարկելու համար մեղադրուած եւ բանտին մէջ ինքնասպանութիւն գործած միլիառատէր Ջեֆրի Էփշթէյնի գործու վերաբերեալ։
Անոր խօսքով՝ այդպէս պիտի վարուի՝ ամերիկեան հիմնարկներու նկատմամբ կորսուած վստահութիւնը վերականգնելու համար։