Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «լրջօրէն կը դիտարկէ» ՆԱԹՕ-ի կազմէն ԱՄՆ-ը դուրս բերելու հարցը։ Այս մասին ան խօսած է բրիտանական Daily Telegraph-ին տուած հարցազրոյցին մէջ։
Թերթը գրած է, որ Թրամփը դաշինքը կոչած է «թուղթէ վագր» եւ պնդած է, որ Մեծ Բրիտանիան նաւատորմ չունի։
Հարցին, թէ արդեօք Մերձաւոր Արեւելքի մէջ հակամարտութենէն ետք ան պիտի վերանայի՞ ԱՄՆ-ի անդամակցութիւնը դաշինքին, Թրամփ պատասխանած է․ «Այո, ես կ՚ըսէի, որ այդ նոյնիսկ վերանայման ենթակայ չէ… ՆԱԹՕ-ն ինծի համար երբեք համոզիչ չէ եղած։ Ես միշտ գիտէի, որ անոնք «թուղթէ վագր» են, եւ, ի դէպ, Փութինն ալ գիտէ այդ մէկը»։
Խօսելով Մեծ Բրիտանիոյ ռազմանաւերուն մասին՝ ԱՄՆ նախագահը ըսած է․ «Դուք նոյնիսկ նաւատորմ չունիք։ Դուք չափազանց հին էք եւ ունեցած էք օդանաւակիրներ, որոնք չեն աշխատած»։
ԱՄՆ-ի յարաբերութիւնները ՆԱԹՕ-ի անդամ շարք մը երկիրներու հետ լարուած էին այն բանէ ետք, երբ այդ երկիրները յայտարարած էին, թէ պատրաստ չեն որեւէ կերպ ներքաշուիլ Իրանի դէմ ամերիկա-իսրայէլեան պատերազմին մէջ։ Անոնք նաեւ արգիլած էին իրենց օդային տարածքի օգտագործումը Իրանի դէմ գործողութիւններուն համար՝ յայտարարելով, որ այդ պատերազմը իրենց չի վերաբերիր։