image

Թրամփ խօսած է, թէ ինչպէս կը պատկերացնէ «ապագայի» Կազան

Թրամփ խօսած է,  թէ ինչպէս կը պատկերացնէ «ապագայի» Կազան

ԱՄՆ-ն կրնայ Կազայի հատուածը վերածել «ազատութեան գօտիի»։ Այս մասին ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է Տոհայի մէջ ԱՄՆ-ի եւ Քաթարի գործարար համայնքներու ներկայացուցիչներու հետ հանդիպման։

«Ես Կազայի վերաբերեալ հայեցակարգ ունիմ, որ, կը կարծեմ, շատ լաւ է՝ թոյլ տալ Միացեալ Նահանգներուն միջամտել... եւ այն վերածել ազատութեան գօտիի», -ըսած է Սպիտակ տան ղեկավարը, որու խօսքը մէջբերած է CBS News-ի թղթակից Ճենիֆըր Ճէյքոպսը X-ի էջին։

Թրամփ աւելցուցած է, որ իր ծրագիրն է «թոյլ տալ, որ լաւ բաներ տեղի ունենան անկլաւին մէջ» եւ «մարդոց բնակեցնել տուներու մէջ, ուր անոնք կրնան ապահով ըլլալ»: Ան նաեւ նշած է, որ պաղեստինեան «Համաս» շարժման հարցով «պէտք է զբաղիլ»։

Աւելի վաղ ԱՄՆ նախագահն առաջարկած էր Կազայի հատուածի 2,1 մլն բնակիչները տեղափոխել հարեւան երկիրներ: Այս առաջարկը բուռն քննադատութեան ենթարկուած էր։