Եթէ նայինք Ռուսաստանի՝ վերջին ամիսներու վարքագիծին, ապա կարելի է մտածել, որ Մոսկուան կը փորձէ պառակտել Արևմուտքը: Այս մասին կը գրէ The New York Times-ը՝ նկատելով, որ Սեպտեմբերին «Վակների խումբը», որուն լրատուամիջոցները կը ներկայացնեն որպէս ռուսական մասնաւոր ռազմական խումբ, յայտնուած է Մալիի մէջ՝ յարուցելով Ֆրանսայի բարկութիւնը:
Ինչպէս կը գրէ յօդուածին հեղինակ Քատրի Լիիքը, Հոկտեմբերին Ռուսաստանը խզած է դիւանագիտական յարաբերութիւնները ՆԱԹՕ-ի հետ: Այդ ամսուան մէջ տեղեկութիւն յայտնուած է այն մասին, որ Ռուսաստանը մօտ 100.000 զինուր տեղակայած է Ուքրանիոյ հետ սահմանին՝ ստիպելով ԱՄՆ-ին կրկին պատրաստուիլ հաւանական ներխուժման: Սակայն յօդուածագիրը կը նշէ, որ իրավիճակը աւելի բարդ է, քան ինչ կը թուի:
Ռուսաստանը նախկինին պէս Արեւմուտքը կը համարէ իր գլխաւոր մրցակիցը, սակայն այն այլեւս գերիշխող չէ միջազգային ասպարէզին մէջ, եւ Մոսկվան կը վերակառուցէ իր քաղաքականութիւնը: «Բացառութեամբ Ուքրանիոյ՝ Քրեմլինը զգուշօրէն կը գործէ շիկացած եւ բարդ աշխարհի մէջ: Մինչդեռ Արեւմուտքը, Ռուսաստանը համարելով անհաշտ թշնամի, երբեմն դաւադրութեան տեսութիւններ կը յօրինէ այնտեղ, ուր անոնք չկան: Մոսկուան նմանօրինակ սխալ թոյլ կու տայ եւ կը կարծէ, որ Արեւմուտքը կը փափաքի զայն ոչնչացնել: Այդքան հինցած հայեացքները համավարակի լոյսին տակ վտանգաւոր են. լաւագոյն պարագային անոնք կը տանին թիւրիմացութեան, իսկ վատագույն պրագային՝ առճակատման: Նման իրավիճակի մէջ ծայրայեղ անհրաժեշտ է, որ իւրաքանչիւր կողմ յստակ պատկերացնէ միւսին տեսակէտը», կը նշէ վերլուծաբանը:
Իր յօդուածը հեղինակը կ'աւարտէ այն մտորումներով, որ ԱՄՆ-ի եւ Ռուսաստանի յարաբերութիւններուն մէջ կան անհանգստութեան իրական պատճառներ: Ահա թէ ինչու երկու կողմերուն անհրաժեշտ է սթափ նայիլ մէկը միւսին՝ վերականգնելով համագործակցութիւնն ու արդիւնաւէտ հաղորդակցութիւնը: