image

«ԹՄՄ»ը Արցախի մեր եղբայրներուն հանգանակութեան արշաւ մեկնարկեց

«ԹՄՄ»ը  Արցախի մեր եղբայրներուն  հանգանակութեան արշաւ մեկնարկեց

«Թէքէեան Մշակութային Միութիւն»ը  Արցախէն բռնագաղթած մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն համար   հանգանակութեան արշաւ մը ձեռնարկած է։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ ԹՄՄ-ի ԱՄՆ-ի եւ Գանատայի  Գործադիր մարմնէն։

Ստորեւ  մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք այդ  առթիւ մեզի յղուած  հաղորդագրութիւնը։

Մեկնարկեց ԹՄՄ-ի Արցախի Տեղահանուածներուն Անհատական Եւ Անմիջական Թափանցիկ Օգնութիւն Ցուցաբերելու Ծրագիրը

Սիրելի հայրենակիցներ,

Հաշուի առնելով, որ 100 հազարէն աւելի արցախցի մեր եղբայրներն ու քոյրերը յանկարծակի եւ դաժան պայմաններու տակ ստիպուած եղած են լքելու իրենց պապենական հայրենիքը եւ այժմ Հայաստանի մէջ աներեւակայելիօրէն յուսահատութեան մատնուած են, բազմաթիւ կազմակերպութիւններ կը փորձեն օգնութեան տարբեր ծրագիրներ իրականացնելու:

Մ. Նահանգներու եւ Գանատայի Թէքէեան Մշակութային Միութեան վարչութիւնը, որ տասնամեակներ շարունակ Հայաստանին եւ Արցախին օժանդակելու հարուստ փորձ ունի շնորհիւ համապատասխան ֆոնտերու առկայութեան, այժմ կը ձեռնարկէ ՙՆուիրատուի ինքնութիւնը հաստատող օգնութիւն ստացողի ձեւաչափով՚ երեք յստակ ծրագիր իրականացնել: 

Նուիրատուները կրնան ընտրութիւն կատարել հետեւեալներէն.

(ա) Մենք պիտի ընդարձակենք մեր քաջածանօթ եւ յաջողութիւն արձանագրած ՙՀովանաւորէ ուսուցիչ մը՚ ծրագիրը, կանխիկ նիւթական օգնութիւն տրամադրելով Արցախէն նոր տեղահանուած դասատուներուն, մտաւորականներուն եւ անոնց ընտանիքներուն:

(բ) Անմիջական կանխիկ օգնութիւն պիտի ցուցաբերուի տեղահանուած ընտանիքներուն, առաջնահերթութիւն տալով այն ընտանիքներուն, որոնց մէջ կան մեծահասակներ եւ մանկական տարիքի անդամներ:

(գ) Անմիջական օգնութիւն պիտի ցուցաբերուի նաեւ վառելանիւթի սարսափելի պայթումի հետեւանքով այրուածքներով տուժածներուն, որոնք այժմ կը բուժւին Երեւանի Այրուածքաբանութեան եւ Մաշկաբանութեան ազգային կեդրոնին մէջ, եւ անոնց ընտանիքներուն:

Վերոնշեալ 3 տարբերակներունª իւրաքանչիւր անձին յատկացուած գումարը պիտի կազմէ 200 ամերիկեան տոլար:

ԹՄՄ-ի Երեւանի ներկայացուցչութեան գրասենեակի վերահսկողութեան ներքոյ երիտասարդ կամաւորներու խումբ մը պիտի իրականացնէ այս ծրագիրները: Նուիրատուները օգնութիւնը ստացողի ինքնութեան վերաբերեալ պիտի ստանան գաղտնի տեղեկութիւն:

ԹՄՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը վերոնշեալ ծրագիրները պիտի իրականացնէ 5000 Ամերիկեան տոլարի սկզբնական հիմնադրամով: Կախուած մեր նուիրատուներու առատաձեռնութիւնէնª կազմակերպութիւնը յոյս ունի, որ կարողութիւնը կþունենայ կարճ ժամկէտի մէջ օգնութիւն ցուցաբերել 100 ընտանիքներու, իսկ շուտով նաեւ հազար եւ աւելի ընտանիքներու:

Նուիրատուները կրնան վերոնշուածներէն մէկ կամ աւելի ծրագիրներու մասնակցիլ: Անոնք պիտի ստանան մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելու հարկերէն ազատման ստացականներ: ԹՄՄ-ը ոչ մէկ գումար չþակնկալէր իր ծառայութեան դիմաց:

 

Միացեալ Նահանգներու նուիրատուութիւնները ուղարկել հետեւեալ հասցէով. 

Tekeyan Cultural Association

Artsakh Aid, 755 Mount Auburn Street,

Watertown MA 02472,

https://givebutter.com/AGuStb, 

իսկ Գանատայի մէջª Tekeyan Cultural Association Artsakh Aid, 825 Manougian Str., Ville Saint-Laurent,

Quebe՛c H4N 1Z5, Canada հասցէով,

https://www.convergepay.com/hosted-payments/? ssl–txn–auth–token=khtGf%2FjkTgWma7C7Eev3bQAAAYrSp5tT#!/paymentmethod:

 

Սիրելի հայրենակիցներ, անմիջապէս կատարեցէք Ձեր նուիրատուութիւնները, որպէսզի օգնենք մեր աղէտեալ հայրենակիցներուն:

 

ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ եւ ԳԱՆԱՏԱՅԻ 

ԹՄՄ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ