image

Թերսնման ու սովի պատճառով Կազայի հատուածին մէջ զոհուած է 93 երեխայ

Թերսնման ու սովի պատճառով Կազայի հատուածին մէջ զոհուած է 93 երեխայ

Կազայի առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտնած է, որ սովի եւ թերսնման հետեւանքով զոհուածներու թիւը Կազայի գօտիին մէջ հասած է 180-ի, որոնցմէ 93-ը երեխայ են, կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը։

Կազայի իշխանութիւնները տեղեկացուցած են, որ Օգոստոս 3-ին, գօտի մտած է 80 բեռնատար, որոնք կը փոխադրէին մարդասիրական բեռ։ Սակայն, ըստ աղբիւրին, անոնց մեծ մասը թալանուած է իսրայէլցի զինուորականներու թոյլտւութեամբ։

Կազայի առողջապահութեան նախարարութիւնը Յուլիս 20-ին նախազգուշացուցած էր, որ սնունդի պակասի եւ բժշկական օգնութեան անհասանելիութեան հետեւանքով կը սպասուի մահացութեան կտրուկ աճ։

Իսրայէլի կառավարութիւնը Յուլիս 26-ին որոշած էր վերսկսիլ մարդասիրական օգնութեան մատակարարումը օդային ճամբով՝ ուղղուած դէպի Կազայի բնակիչներ։ Բացի այդ, որոշում ընդունուած էր նաեւ ստեղծել մարդասիրական միջանցքներ ՄԱԿ-ի բեռնատար շարասիւններուն համար, որոնք կ՚ապահովէին սնունդ եւ դեղորայք։

Մատակարարումներու մասնակի վերսկսումէն ետք՝ Կազայի վարչակազմը մեղադրած է Իսրայէլը, որ ան դիտաւորեալ կերպով կը խափանէ մարդասիրական օգնութեան բաշխումը։ Ըստ Կազայի իշխանութիւններու՝ Իսրայէլը «դիտմամբ եւ համակարգուած կերպով քաոս կը սերմանէ մարդասիրական օգնութեան տրամադրման գործընթացին մէջ»։