image

Թեհրանի մէջ թիրախաւորուած է 100-ամեայ բժշկական կեդրոնը

Թեհրանի մէջ թիրախաւորուած է 100-ամեայ բժշկական կեդրոնը

Իրանի առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի յարձակումներու հետեւանքով թիրախաւորուած է մայրաքաղաք Թեհրանի մէջ գտնուող 100-ամեայ «Փասթուր» բժշկական կեդրոնը։

«Իրանի «Փասթուր» հիմնարկի՝ համաշխարհային առողջապահութեան 100-ամեայ կեդրոնի եւ Միջազգային «Փասթուր» ցանցի անդամի դէմ յարձակումն ուղղակի յարձակում է միջազգային առողջապահական անվտանգութեան վրայ», - X-ի էջի գրառման մէջ նշած է Իրանի առողջապահութեան նախարարութեան խօսնակ Հոսէյն Քերմանփուրը։

Ան հրապարակած է դէպքի վայրէն լուսանկարներ, որոնց մէջ կ՚երեւի ծանր վնասուած շէնքը, իսկ կառոյցի որոշ մասեր վերածուած են աւերակներու։

«Սա կը խախտէ Ժընեւի համաձայնագրերը եւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի սկզբունքները։ Մենք կոչ կ՚ընենք Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան, Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին եւ միջազգային առողջապահական կազմակերպութիւններուն դատապարտելու այս յարձակումը, գնահատելու վնասը եւ աջակցելու վերականգնման»,- գրած է առողջապահութեան նախարարութեան խօսնակը։