image

Թեհրանի մէջ. Ֆրանսայի դեսպանատան դիմաց բողոքի հաւաք. Մեղադրանքը՝ «Շարլի հիպտո»ին դէմ է ուղղուած

Թեհրանի մէջ.  Ֆրանսայի դեսպանատան դիմաց բողոքի հաւաք. Մեղադրանքը՝  «Շարլի հիպտո»ին դէմ է ուղղուած

Յունուար 8-ին Թեհրանի մէջ բողոքի ցոյց տեղի ունեցած է Ֆրանսայի դեսպանատան մօտ՝ կապուած Charlie Hebdo երգիծական շաբաթաթերթին մէջ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէիի ծաղրանկարներու հրապարակման հետ։ Այս մասին յայտնած է «ԻՌՆԱ» գործակալութիւնը:

Յիշեցնենք, որ անցեալ շաբաթ Թեհրանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Նիքոլա Ռոշը կանչուած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւն՝ ի նշան բողոքի ֆրանսական Charlie Hebdo երգիծական շաբաթաթերթի կողմէ երկրի բարձրագոյն կրօնական առաջնորդ այաթոլլա Սէյիտ Ալի Խամենէիի տասնեակ ծաղրանկարներու հրապարակման վիրաւորական քայլի դէմ:

«Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը ոչ մէկ կերպ կ'ընդունի իր սրբութիւններուն, իսլամական, կրօնական եւ ազգային արժէքներուն ուղղուած վիրաւորանքները», - հանդիպման ընթացքին Ֆրանսայի դեսպանին ըսած է արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Նասեր Քանաանին, ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

«Ֆրանսան իրաւունք չունի խօսքի ազատութեան պատրուակով արդարացնելու այլ երկիրներու եւ իսլամական ազգերու սրբութիւններուն ուղղուած վիրաւորանքները», - նշած է ան՝ արտայայտելով Իրանի «խիստ բողոքը» Ֆրանսայի կառավարութեան։