Յունուար 8-ին Թեհրանի մէջ բողոքի ցոյց տեղի ունեցած է Ֆրանսայի դեսպանատան մօտ՝ կապուած Charlie Hebdo երգիծական շաբաթաթերթին մէջ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէիի ծաղրանկարներու հրապարակման հետ։ Այս մասին յայտնած է «ԻՌՆԱ» գործակալութիւնը:
Յիշեցնենք, որ անցեալ շաբաթ Թեհրանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Նիքոլա Ռոշը կանչուած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւն՝ ի նշան բողոքի ֆրանսական Charlie Hebdo երգիծական շաբաթաթերթի կողմէ երկրի բարձրագոյն կրօնական առաջնորդ այաթոլլա Սէյիտ Ալի Խամենէիի տասնեակ ծաղրանկարներու հրապարակման վիրաւորական քայլի դէմ:
«Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը ոչ մէկ կերպ կ'ընդունի իր սրբութիւններուն, իսլամական, կրօնական եւ ազգային արժէքներուն ուղղուած վիրաւորանքները», - հանդիպման ընթացքին Ֆրանսայի դեսպանին ըսած է արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Նասեր Քանաանին, ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
«Ֆրանսան իրաւունք չունի խօսքի ազատութեան պատրուակով արդարացնելու այլ երկիրներու եւ իսլամական ազգերու սրբութիւններուն ուղղուած վիրաւորանքները», - նշած է ան՝ արտայայտելով Իրանի «խիստ բողոքը» Ֆրանսայի կառավարութեան։