Օրերս արդէն երկրորդ անգամն ըլլալով Թեհրանի Ազգային Առաջնորդարանի Թեմին կողմէ պատրաստուած օժանդակութիւններու նոր խմբաքանակը հասած է Երեւան։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Թեհրանի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի կայքէջէն, ուրկէ մասնաւորապէս կը կարդանք՝
Ուրբաթ, 26 Յունուար 2024ին, հակառակ ձիւնածածկ Երեւանի ցուրտ եղանակին, ՀՕՄուհիներու խմբակ մը դարձեալ մեկնած էր պահեստ, այս անգամ դասաւորելու Թեհրանի Հայոց Համայնքի ղրկած բռնագաղթուած արցախահայութեան երկրորդ օգնութիւնը, որ կը պարունակէր մաքրութեան առնչուող նիւթեր եւ վառարաններ։ Ըստ վառարաններու թիւին 240 ընտանիքի համար պատրաստուեցան համապատասխան արկղերը։
Այս անգամ օգնութիւնը Երկուշաբթի, 29 Յունուար 2024-ին, եթէ եղանակը ներէ, պիտի ղրկուի Վայոց Ձորի Եղեգնաձոր (25 արկղ մաքրութեան նիւթեր + վառարան ) եւ Վայք (25) քաղաքները, իսկ Արարատի մարզի Արարատ (30), Մասիս (100), Արտաշատ (30) եւ Վեդի (30) քաղաքները։
Շուտով կը հասնի նաեւ Թեհրանի Հայոց Թեմի երրորդ օգնութիւնը, որ այս անգամ կը պարունակէ միայն վառարաններ։ Շնորհակալութիւն Թեհրանի Հայոց Թեմին, որ իր օգնութիւնը չի զլանար բռնագաղթուած արցախահայութեան։