image

Թեհրան միջուկային զէնք ստեղծելու հնարաւորութիւն ունի. Իրանի Աթոմային ուժանիւթի կազմակերպութեան ղեկավար

Թեհրան միջուկային զէնք ստեղծելու հնարաւորութիւն ունի. Իրանի Աթոմային ուժանիւթի կազմակերպութեան ղեկավար

Թեհրանն ունի միջուկային զէնք ստեղծելու տեխնիկական հնարաւորութիւններ, սակայն նման խնդիր կառավարութեան օրակարգին մէջ չկայ։ Այս մասին երկուշաբթի յայտարարած է Իրանի Աթոմային ուժանիւթի կազմակերպութեան (AEOI) ղեկավար, փոխնախագահ Մոհամմատ Էսլամին, գրած է ԹԱՍՍ գործակալութիւնը։ 

«Իրանն ունի աթոմային ռումբ ստեղծելու տեխնիկական հնարաւորութիւն, սակայն նման ծրագիր օրակարգին մէջ չկայ»,- անոր խօսքերը մէջբերած է Fars գործակալութիւնը։

AEOI-ի ղեկավարը նշած է, որ մեղադրանքներն առ այն, որ Թեհրան կը ձգտի միջուկային զէնք ստեղծել, անհիմն են։

«Այդ կեղծ մեղադրանքները Իսրայէլի կողմէ կը հնչեն հակայեղափոխական ուժերու աջակցութեամբ՝ հասարակական կարծիքը փոխելու նպատակով»,- ըսած է ան։

«Մեր բոլոր գործողութիւնները (միջուկային ծրագրի մշակման համար) կ'իրականացուին Աթոմային ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան (ՄԱԳԱՏԷ-ի) վերահսկողութեան ներքոյ գտնուող Միջուկային զէնքի չտարածման պայմանագրի շրջածիրէն ներս»,- ըսած է ան։

22 Յուլիսին Աթոմային ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան (ՄԱԳԱՏԷ) տնօրէն Ռաֆայէլ Կրոսին ըսած էր, որ Իրանի միջուկային ծրագիրը 2015 թուականէն ի վեր զգալի առաջընթաց գրանցած է։ Անոր խօսքով՝ ոչ մէկ երկիր, որ չունի ռազմական մշակումներ, մինչեւ 60 տոկոս ուրան չի հարստացներ, ինչպէս որ կ'ընէ իրանական կողմը։ Սակայն Կրոսին աւելցուցած է, որ Թեհրանի կողմէ միջուկային համաձայնագրով ստանձնած պարտաւորութիւններու աստիճանական հրաժարումը չի նշանակեր, որ Իրանը կը զբաղուի միջուկային զէնքի ստեղծմամբ։