image

Թայուանը կը շարունակէ մնալ՝ «կարմիր գիծ»

Թայուանը կը շարունակէ մնալ՝ «կարմիր գիծ»

Թայուանի հարցը «կարմիր գիծ» է Չինաստանի եւ ԱՄՆ-ի յարաբերութիւններուն մէջ, որ կարելի չէ հատել։ Այս մասին Փենթակոնի ղեկավար Լլոյտ Օսթինի հետ հանդիպման ժամանակ յայտարարած է Չինաստանի պաշտպանութեան նախարար, պետական խորհուրդի անդամ Վէյ Ֆենհէն, կը հաղորդէ ԹԱՍՍ-ը։

«Թայուանի հարցը «կարմիր գիծ» է Չինաստանի եւ ԱՄՆ-ի յարաբերութիւններուն մէջ։ Այն Չինաստանի առանցքային շահերու հիմքն է»,-ըսած է ան։

Նախարարը ընդգծած է, որ Թայուանը Չինաստանի մէկ մասն է, իսկ Թայուանի հարցի կարգաւորումը Չինաստանի ժողովուրդի ներքին գործն է։