image

Տեսանյութ. Հռոմի Պապը կրկին լուացած եւ համբուրած է 12 բանտարկեալներու ոտքեր

Տեսանյութ. Հռոմի Պապը կրկին լուացած եւ համբուրած է 12 բանտարկեալներու ոտքեր

vaticannews-Հինգշաբթի 14 ապրիլի յետմիջօրէի ժամը 3-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը ուղղուեցաւ Չիվիթավէքիա քաղաքի Կալանաւորման Կեդրոն, այնտեղ բանտարկեալներուն հետ միասին մատուցելու համար Աւագ Հինգշաբթի օրուան «Տիրոջ Ընթրիքի» պատարագը»։ Լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը՝Տիար Մաթթէօ Պրունի: 

Բանտարկեալներուն հետ միասին, պատարագին մասնակցեցան բանտապահներու եւ կալանաւորման կեդրոնի անձնակազմի ներկայացուցիչները, քաղաքական իշխանութիւններ, որոնց շարքին նաեւ Իտալիոյ արդարադատութեան նախարարը։

Սրբազան արարողութեան ընթացքին սրտաբուխ արտասանած իր քարոզին մէջ Սրբազան Պապը շեշտը դրաւ վերջին ընթրիքի Ոտնլուայի նշանակութեան  վրայ։ «Յիսուս կը լուայ իր աշակերտներուն ոտքերը։ Այդ ժամանակ ստրուկներն էին, որոնք ոտքերը կը լուային, տարօրինակ բան», յարեց Սրբազան Պապը, նշելով թէ Ան լուաց նաեւ զինք դաւաճանողին ոտքերը, ան` որ զինք պիտի վաճառէր»։

«Յիսուս մեզի կը սորվեցնէ որ իրար միջեւ պէտք է իրար ոտքերը լուալ։ Պէտք է ծառայել  զիրար` առանց շահի։ Որքան գեղեցիկ պիտի ըլլար, եթէ այս մէկը կարելի ըլլար կատարել ամէն օր, համայն մարդոց համար», ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը՝ զգուշացնելով կեանքին մէջ մեր սեփական շահերը փնտռելու փորձութենէն ու քաջալերելով ծառայութիւնը մատուցել անվերապահ կերպով։

Այս առընչութեամբ Սրբազան Քահանայապետը մատնանշեց նաեւ, թէ Յիսուս զինք դաւաճանողը կը կոչէ «բարեկամ» ապա զայն կը սպասէ մինչեւ վերջ ու կը ներէ ամէն բան։

«Աստուած կը ներէ ամէն բան: Ան միշտ կը ներէ։ Մենք են, որ կը յոգնինք ներողութիւնը խնդրելէ»,- ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու հրաւիրեց աղօթել պարզ աղօթք մը. «Տէր ներէ ինծի, ես կը ջանամ ծառայել ուրիշներուն, բայց դուն ինծի կը ծառայես Քու ներումովդ», ապա քարոզը աւարտեց, որպէս պատգամ թողելով մէկը միւսին ծառայելու եւ օգնելու պատգամը։

Քարոզէն ետք Քահանայապետը նախագահեց Ոտնլուայի արարողութիւնը՝ լուալով 12 բանտարկեալներու ոտքերը` այր մարդիկ եւ կիներ, տարբեր տարիքներու ու տարբեր ազգութիւններէ, կրկնելով Յիսուսին արարքը, որ իր աշակերտներուն ոտքերը լուաց, որպէս նշան սիրոյ ու ծառայութեան եւ նուաստացումի։