Տէր Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանը հայրենական իր շարք մը ծրագիրներու շարքին մշտապէս եղած է նաեւ Երեւանի պետական համալսարանի, յատկապէս ուսանողներու կողքին՝ սատարելով ոչ միայն հոգեւոր, այլեւ գործնական ոլորտներու մէջ։ Անոր շարունակական աջակցութիւնը համալսարանին առանցքային եղած է ուսանողական կեանքի զարգացման, երիտասարդներու կրթութեան ու բարոյական արժէքներու ձեւաւորման հարցով։
Հասարակական բեղուն գործունէութեան, համալսարանի հետ արդիւնաւէտ համագործակցութեան, բարեգործական ներդրումներու, մեծ աջակցութեան եւ անմնացորդ նուիրումի համար ԱՄՆ հայոց արեւմտեան թեմի առաջնորդ տէր Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանը պարգեւատրուած է ԵՊՀ ոսկեայ մետալով։
Տէր Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանը նաեւ «ԵՊՀ բարեկամներ» հիմնադրամի խորհուրդի անդամ է. ան իր մասնակցութեամբ ու աշխուժ գործունէութեամբ մեծապէս կ՚աջակցի հիմնադրամի առաքելութեան՝ նպաստելով համալսարանի հետ կապերու ամրապնդման եւ շարունակական զարգացմանն ուղղուած նախաձեռնութիւններու իրագործման։