Միացեալ Նահանգներ- Ամերիկացի անուանի դերասան Տէմիր Մուրի ( 52 տարեկան) տան մէջ երիտասարդի մը դին յայտնաբերուած է: Այս մասին հաղորդող աղբիւրները կը յայտնեն, որ դիակը յայտնաբերուած է երէկ (կիրակի) Մուրի Լոս Անճելոսի մէջ գտնուող տան լողաւազանին մէջ: Կ'ենթադրուի, որ մահացած երիտասարդը եղած է Մուրի տան մէջ Շաբաթ օր կազմակերպուած երեկոյթին: Դէպքին շուրջ ոստիկանութիւնը քննութիւն բացած է: Մուր, որ լուրը ստացած պահուն կը գտնուէր Նիւ Եորք յայտնած է, որ «շոք»ի մէջ եւ ցաւակցութիւն յայտնած է Էտէնիլսոն Սթիվըն Վայլի ( 21 տարեկան) հարազատներուն: