22 սեպտեմբերի Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարին կից հասարակական խորհուրդին նիստը:
Օրակարգի առաջին հարցը կը վերաբերէր «Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան 2016-ի ծրագիրներուն, որոնց մասին զեկուցումով հանդէս եկաւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրդուս Զաքարեան:
Այնուհետեւ, Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Հրանուշ Յակոբեան ներկայացուց «Հայերուն վիճակը աշխարհին մէջ» զեկուցումը, անդրադառնալով հրատապ հիմնախնդիրներուն: Կարեւոր նկատուեցան սփիւռքի կառուցուածքային միաւորումներու, համահայկական, հոգեւոր, մասնագիտական եւ տեղական կառոյցներու դերակատարութիւնը, սփիւռքեան լրատուամիջոցներու, լոպիինկի կառոյցներու, հայրենիք-սփիւռք առնչութիւններու զարգացման, հայրենիքի մէջ սփիւռքի ներդրման հեռանկարները:
Ներկայացուեցան պետական քաղաքականութեան հիմնական սկզբունքներն ու ուղղութիւնները, նախանշուեցան կատարուելիքները:
Զեկուցումէն ետք ուղղուեցան հարցումներ եւ ներկայացուեցան առաջարկներ: Ամփոփելով հասարակական խորհուրդի նիստը` Հրանուշ Յակոբեան շեշտեց, որ ընելիքներ շատ կան, սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան նպաստող առաջնահերթ խնդիրներէն մէկն ալ հպարտ, յաղթող հայու կերպարի կերտումն է: