15 Յունիսին, ժամը 13:35-ին, Տեղի հատուածին մէջ Ատրպէյճանի Զինուած ուժերու կողմէ արձակուած կրակոցներու հետեւանքով վիրաւորում ստացած է Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան սահմանապահ ծառայութեան զինծառայողը: Տեղեկութիւնը յայտնած են ՀՀ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան սահմանապահ ծառայութենէն։
Վիրաւոր զինծառայողի առողջական վիճակի վերաբերեալ պիտի տրուի լրացուցիչ տեղեկութիւն, նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Յիշեցնենք՝ 15 յունիսին՝ ժամը 08:40-ի սահմաններուն, Ատրպէյճանի սահմանապահ ծառայութեան խումբ մը զինծառայողներ Հաքարիի կամուրջի ուղղութեամբ յառաջխաղացման փորձ կատարած են՝ ՀՀ տարածքին մէջ դրօշ տեղադրելու նպատակով:
Հայկական կողմի ձեռնարկած միջոցներու շնորհիւ ատրպէյճանցի զինծառայողներու յառաջխաղացման եւ ՀՀ տարածքին մէջ դրօշ տեղադրելու փորձը կանխուած է: