image

Տէ Միսթուրա Ուալիտ Մուալլէմի Հետ Քննարկեց Սուրիոյ Տագնապը

Տէ Միսթուրա    Ուալիտ   Մուալլէմի Հետ Քննարկեց  Սուրիոյ Տագնապը

 Սուրիա-  Սուրիոյ հարցերով ՄԱԿ-ի  Յատուկ Պատուրիակ Սթէֆան Տէ Միսթուրա    Դամասկոսի  մէջ  այսօր հանդիպում ունեցած է Սուրիոյ ԱԳ նախարար  Ուալէիտ Մուալլէմին հետ:   Մուալլէմ  հանդիպումէն ետք լրագրողներուն հետ խօսելով նկատել տուած է, որ իրենց համար ամէնէն առաջնային օրակարգը ահաբեկչութեան դէմ պայքարիլն է: Նախարարը նաեւ   ըսած է, թէ ահաբեկչութեան  դէմ պայքարելու հիմնական  միջոցը   ահաբեկիչներուն ուղղարկուած դրամական   աղբիւրներու կանգնեցումն  է: