image
Հրատապ լուրեր:

Համշէնագէտ՝ Սերկէյ Վարդանեանի կորուստը

Համշէնագէտ՝ Սերկէյ Վարդանեանի կորուստը

 Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է արձակագիր, ազգագրագէտ եւ Համշէն հայաբնակ բնակավայրին մասին ուսումնասիրութիւններով հանդէս եկած Սերկէյ Վարդանեան։

 Տխուր լուրին մասին «Արեւելք»  իմացաւ հանգուցեալի դստեր՝ Գոհար Վարդանեանէն։

 Կը նշուի, որ Վարդանեան վերջերս կը տառապէր ծանր հիւանդութենէ, որուն հետեւանքով ալ մահացած է։

 Հանգուցեալի վերջին հրաժեշտի արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր՝ 31 մայիսին, Շահումեան գերեզմանոցին կից գտնուող  սգոյ սրահի մը մէջ, որմէ ետք  անոր մարմինը պիտի փոխադրուի եւ ամփոփուի տեղւոյն գերեզմանատան մէջ։

 Հանգուցեալը  73 տարեկան էր։