image

Պէյրութ. ՀՄԸՄ-ի Մայիսեան փառայեղ փառատօնը

 Պէյրութ. ՀՄԸՄ-ի Մայիսեան փառայեղ փառատօնը

 Բարձր հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանին  եւ կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, կիրակի, 1 յունիս 2025-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-էն սկսեալ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Հայաստանի անկախութեան նուիրուած Մայիսեան աւանդական եւ տպաւորիչ փառատօն:

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան խօսքը ուղղեց վարչութեան ատենապետ Վահան Համամճեան, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան խօսքը ուղղեց Կեդրոնական վարչութեան անդամ Թալին Օրտողլեան: Աւարտին իր պատգամը ուղղեց Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան:

 

Լուրը՝ «Ազդակ»էն