image

Պոլիս. Մխիթարեան «Սանուց»ի ընդհանուր ժողովը

Պոլիս. Մխիթարեան «Սանուց»ի ընդհանուր ժողովը

Պոլսոյ Մխիթարեան Սանուց Միութեան անդամները, օրերս, 80-րդ ընդհանուր ժողովը գումարած են եւ ձեւաւորած նոր շրջանի վարչութիւնը։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Մխիթարեան Սանուց Միութեան անդամները 29 Մայիսին իրենց 80րդ ընդհանուր ժողովը գումարեցին Միութեան կեդրոնատեղիի մէջ։ Կանոնադրութեան համաձայն ձեւաւորուեցաւ նոր շրջանի վարչութիւնը՝ 9 հիմնական եւ 5 պահեստի անդամներով։ Վարչութեան ատենապետ Արսէն Գովան վերընտրուեցաւ իր պաշտօնին։

Փոխատենապետն է Այգուն Քիւչիւքեան։ Միւս անդամներն են Լինա Չաւտար (ատենադպիր), Ժանին Ըրմաք (փոխատենադպիր), Սարվէն Սահակեան (հաշուակալ), Արման Գաւաֆ (գանձապահ), Աքսէլ Թէլլի, Լարիսսա Տէմիրթաշ, Անտրէաս Մէրթէր։ Պահեստի անդամներ ընտրուեցան Թամար Թէրզիօղլու, Պիանքա Գովան, Քայլ Մատաթեան, Մաթիաս Մերթէր եւ Մերլին Գըյըճը։