image

Լոս Անճելըսի մէջ ձերբակալուած է 14 հոգինոց հայկական յանցախումբի ղեկավարը

Լոս Անճելըսի մէջ ձերբակալուած է 14 հոգինոց հայկական յանցախումբի ղեկավարը

Միացեալ Նահանգներու Ներքին անվտանգութեան վարչութիւնը Լոս Անճելըսի մէջ ձերբակալած է 14 հոգիէ բաղկացած հայկական յանցախումբի ղեկավարը եւ միւս անդամները, որոնք կը կասկածուին մօտ 30 միլիոն տոլար գողնալու մէջ. գումարը նախատեսուած էր COVID-19 համավարակի ընթացքին օգնութեան եւ փոքր գործարարներու վարկերու համար։ Վարչութիւնը կատարած է լայնածաւալ յատուկ գործողութիւն՝ բացայայտելով միջազգային կազմակերպուած յանցախումբ մը, որ մեղադրուած է դաշնային ֆինանսական ծրագիրներէ միլիոնաւոր տոլարներ յափշտակելու համար, կը գրէ Fox News-ը։

Ըստ քննիչներու՝ խումբի ղեկավարը հայկական ծագում ունեցող Ուիլեամ ՄըքԿրայեանն է, որուն կը մեղադրեն կեղծ փաստաթուղթերով կեղծ ընկերութիւններ ստեղծելու եւ միլիոնաւոր տոլարներ գողնալու համար։ Քննիչներու համաձայն՝ ՄըքԿրայեան եղած է յանցախումբի «ուղեղը»։ Քրէական գործին մէջ նշուած է, թէ ան կապեր ունեցած է յանցագործ շրջանակներու հետ, սպառնացած է քաղաքացիի մը զէնքով եւ պէյսպոլի մահակով, եւ կը համարուէր անկանխատեսելի անձ։ Անոր նախաձեռնութեամբ ստեղծուած են կեղծ ընկերութիւններ, որոնց միջոցով ներկայացուած են ֆինանսական օգնութեան դիմումներ՝ օգտագործելով կեղծ դրաղատնային եւ հարկային փաստաթուղթեր։

Իրաւապահները խուզարկութիւններու ընթացքին գրաւած են կանխիկ գումար, սարքաւորումներ եւ զէնք։ Կասկածեալները կը մեղադրուին դաւադրութեան, դրամատնային եւ հարկային խարդախութեան, ինչպէս նաեւ դրամի լուացման համար։

Գործողութեան արդիւնքով ձերբակալուած է 14 անձ, որոնցմէ 13-ը հայկական ծագում ունին, սակայն Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիութիւն ձեռք բերած են։ Առնուազն մէկ կասկածեալ կրնայ յայտնուիլ արտաքսման վտանգի դիմաց։