Օրերս Պէյրութի մէջ իր մահկանացուն կնքած է լիբանանահայ կրթական մշակ, դաստիարակ՝ Զարմիկ Տիգրանեան։
«Արեւելք» այս տխուր լուրը ստացաւ հանգուցեալի հարազատներէն։
Ստորեւ մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք խմբագրութեանս ուղարկուած հակիրճ մահագրութիւնը։
Չորեքշաբթի 28 Մայիս 2025-ին մահկանացուն կնքեց Զարմիկ (մկրտութեան անունով Զարուհի) Տիգրանեան։ Օրդ. Զարմիկ, ինչպէս որ ծանօթ էր իր անձնական դասերու աշակերտներուն մօտ, հազիւ երկրորդական ուսումը աւարտած , որոշած էր ծնողքին գիծը շարունակել եւ ուսուցչութեան ասպարէզ մուտք գործել, սակայն պայմանները չթոյլատրեցին որ երազը լիուլի իրականացնէ ։ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը եւ հիւանդ մօր հետեւողական խնամելու պարտականութիւնը զինք ստիպեցին որ տնային աշխատանքներով զբաղի, սակայն դաստիարակելու տենչը զինք մղեց որպէսզի կէսօրէ ետքերը անձնական դասեր տալ։ Նպատակն էր անձնական դասերու կեդրոն հաստատել, սպասելով յարմար ժամանակը ։ Մինչ այդ, երկար տարիներու ընթացքին, տասնեակ աշակերտներու ուսուցանեց դպրոցական դասանիւթեր , յատկապէս հայերէն , նաեւ որոշ դժուարութիւններ ունեցող աշակերտներու ծրագիրներ ներկայացուց։ Միշտ համբերատար , խնդումերես, մանուկները ուրախացնող, այս էր իր մթնոլորտը։ Տարիներու ընթացքին, Լիբանանի կացութեան սարսափները հիւծեցին մարմինը եւ մի քանի ամիսներէ ի վեր կը պայքարէր քաղցկեղի դէմ մինչեւ վերջին շունչը։
Թաղման արարողութիւնը պիտի կատարուի վաղը Ուրբաթ 29 Մայիս 2025 ին Պուրճ Համուտի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ,կ.ե. ժամը 3֊ին, որմէ ետք մարմինը պիտի ամփոփուի Պուրճ Համուտի ընտանեկան դամբարանը։
Նշենք, որ հանգուցեալը քոյրն է լիբանանահայ տնտեսական հարցերով վերլուծաբան՝ Զաւէն Տիգրանեանին եւ այս առթիւ մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յղենք հանգուցեալի բոլոր հարազատներուն, ի մասնաւորի՝ Զաւէն Տիգրանեանին։