image
Հրատապ լուրեր:

Օդի ջերմաստիճանը պիտի նուազի 6-9 աստիճանով

Օդի ջերմաստիճանը պիտի նուազի 6-9 աստիճանով

Երեւանի մէջ յունիս 2-ի ցերեկը, 5-ին, 6-ի գիշերը եւ 7-ին կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ։ Յունիս 3-4-ին գիշերը եւ կէսօրէ ետք՝ կը սպասուի, 6-ին կէսօրէ ետք հնարաւոր է կարճատեւ անձրեւ եւ ամպրոպ, ամպրոպի ժամանակ քամիի ուժգնացում՝ 15-18 մ/վ արագութեամբ։ 

Մարզերու մէջ յունիս 2-ի ցերեկը, 5-6-ին կէսօրէ ետք առանձին շրջաններու մէջ, 3-4-ին գիշերը եւ կէսօրէ ետք շրջաններու մեծ մասի մէջ կը սպասուի կարճատեւ անձրեւ եւ ամպրոպ, հնարաւոր է նաեւ կարկուտ։

Յունիս 3-4-ին առանձին հատուածներու մէջ անձրեւները պիտի ըլլան յորդառատ։

Քամին՝ հարաւարեւմտեան՝ 2-5 մ/վ, ամպրոպի ժամանակ կը սպասուի քամիի ուժգնացում՝ 18-22 մ/վ արագութեամբ։

Յունիս 5-6-ի գիշերը, 7-ին կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ։

Օդի ջերմաստիճանը յունիս 3-4-ին աստիճանաբար պիտի նուազի 6-9 աստիճանով, յունիս 5-7-ին աստիճանաբար պիտի բարձրանայ 5-6 աստիճանով։