image

Ճավիթ Չաղլարի խոստովանութիւնները. Գրեց՝ Բագրատ Էսդուգեան

Ճավիթ Չաղլարի խոստովանութիւնները. Գրեց՝ Բագրատ Էսդուգեան

Ճա­վիթ Չաղ­լար ամե­նայն ան­կեղծու­թեամբ կը պատ­մէր թէ օրո­ւայ կա­ռավա­րու­թիւնը ինչ եղա­նակ­նե­րով մի­ջամ­տա­ծ է պատ­րիար­քի ընտրու­թեան եւ ինչպէս ոտ­նա­կոխած է այդ մա­սին իր սահ­մա­նումնե­րը եւ թրքա­կան ան­ցա­գիր շնոր­հած Աթե­նակո­րաս Սրբա­զանին։

«Այս մա­սին ան­ձամբ լսած եմ նախ­կին Ար­տա­քին Գոր­ծոց Նա­խարար Իհ­սան Սապ­րի Չաղ­լա­յան­կի­լի վկա­յու­թիւնը, Կիպ­րո­սին Թրքա­կան Բաժ­նի նախ­քին նա­խագահ Ռաուֆ Տենքթա­շի ներ­կա­յու­թեամբ։ Չաղ­լա­յան­կիլ քա­նի կը պատ­մէր, Տենքթա­շի աչ­քե­րը ալ աւե­լի մեծ կը բա­ցուէին զար­մանքի պատ­ճա­ռաւ»։

 

Քաղաքա­կան գոր­ծիչնե­րը պաշ­տօ­նական գետնի վրայ ինչ որ ալ ըսած ըլ­լան, անսպա­սելի պա­հուն յան­կարծ կը յայտնո­ւի խոս­տո­վանու­թիւններ փո­խանա­կող յու­շագրու­թիւններ, որոնք տա­րիներ վերջ ցնցիչ ազ­դե­ցու­թիւններ կրնան ու­նե­նալ։ Այդպէս եղաւ նախ­կին պետնա­խարար Ճա­վիթ Չաղ­լա­րի յու­շագրու­թիւննե­րու հրա­պարա­կու­մը։ Չաղ­լար տաս­նա­մեակ­ներ անց խոս­տո­վանու­թեան մը ձե­ւաչա­փով կը ներ­կա­յաց­նէր Թուրքիոյ մօտ ան­ցեալի շատ կա­րեւոր զար­գա­ցումնե­րը։ Անոնց մէջ կը տես­նենք թէ պե­տու­թիւնը կա­րիք­նե­րու դի­մաց ինչպէս կը ոտ­նա­կոխէ ըն­դունուած բո­լոր կարգն ու կա­նոն­նե­րը եւ նոյ­նիսկ սահ­մա­նուած օրէնքնե­րը։ Իս­կա­պէս ու­շագրաւ էին յու­նաց նախ­կին Տիեզե­րական Պատ­րիար­քի ընտրու­թեան վե­րաբե­րեալ տո­ղերը։

Ճա­վիթ Չաղ­լար ամե­նայն ան­կեղծու­թեամբ կը պատ­մէր թէ օրո­ւայ կա­ռավա­րու­թիւնը ինչ եղա­նակ­նե­րով մի­ջամ­տա­ծ է պատ­րիար­քի ընտրու­թեան եւ ինչպէս ոտ­նա­կոխած է այդ մա­սին իր սահ­մա­նումնե­րը եւ թրքա­կան ան­ցա­գիր շնոր­հած Աթե­նակո­րաս Սրբա­զանին։

«Այս մա­սին ան­ձամբ լսած եմ նախ­կին Ար­տա­քին Գոր­ծոց Նա­խարար Իհ­սան Սապ­րի Չաղ­լա­յան­կի­լի վկա­յու­թիւնը, Կիպ­րո­սին Թրքա­կան Բաժ­նի նախ­քին նա­խագահ Ռաուֆ Տենքթա­շի ներ­կա­յու­թեամբ։ Չաղ­լա­յան­կիլ քա­նի կը պատ­մէր, Տենքթա­շի աչ­քե­րը ալ աւե­լի մեծ կը բա­ցուէին զար­մանքի պատ­ճա­ռաւ»։

Ճա­վիթ Չաղ­լար «Թ24» կայ­քէ­ջի լրագ­րող Ճան­սու Չաղ­լը­պելին հպար­տութեամբ կը պատ­մէ թէ ինք եղած է Հա­յաս­տան-Թուրքիա ցա­մաքա­յին սահ­մա­նի փակ­ման խորհրդա­տուն։

Ան տա­կաւին ման­րա­մաս­նութիւննե­րով կը պատ­մէ թէ նո­րան­կախ Ատրպէյ­ճա­նի մէջ ինչպէս իշ­խա­նափո­խու­թիւն կա­տարած են այդ երկրի նա­խագահ Էլ­չի­պէյի դէմ։

«Էպուլֆէյզ Էլ­չի­պէյ ալ­քո­լամոլ մըն էր։ Առա­ւօտո­ւայ դէմ դուրս եկած էր իր իջե­ւանած պե­տական հիւ­րա­նոցէն եւ ապա ան­յայտ կո­րած Պոլ­սոյ փո­ղոց­նե­րու վրայ։ Ոս­տի­կանու­թիւնը խառ­նո­ւեցաւ ու սկսան ամէն տեղ զինք փնտռել։ Վեր­ջա­պէս գտանք Սկիւ­տար, Թաք­սիի մը մէջ, որ գի­նով­ցած, հար­բած, ու գնած էր։ Օրուայ վար­չա­պետին հա­մոզե­ցի թէ կա­րելի չէ իր­մով շա­րու­նա­կել։ Այդպէս օրա­կար­գի եկաւ Հայ­տար Ալիեւի անու­նը եւ շու­տով ալ իշ­խա­նափո­խու­թիւն կա­տարուեցաւ։ Էպուլֆէյզ Էլ­չի­պէյ գա­հըն­կէց ըլ­լա­լէ ետք գնած իր ծննդա­վայր Նա­խիջե­ւանի Օր­տուպատ (Գող­թան) գա­ւառը, ու հոն ալ մա­հացաւ»։

Ճա­վիթ Չաղ­լար այս ցնցիչ յայ­տա­րարու­թիւննե­րով հան­դերձ կը հրա­ժարի թղթա­կից Ճան­սու Չամ­լը­պելի կարգ մը հար­ցումնե­րուն պա­տաս­խա­նելէ, ըսե­լով թէ անոնք պե­տական գաղտնիք­ներ են եւ չի կրնար անոնց մա­սին խօ­սիլ։

Ճա­վիթ Չաղ­լա­րի հրա­պարա­կումնե­րը ան­գամ մը եւս մտա­ծել կու տան թէ սո­վորա­կան մարդկանց ըն­կա­լու­մին մէջ որոշ վե­հու­թիւն վե­րագ­րո­ւած պե­տական որո­շումնե­րը ինչպի­սի ազ­դակնե­րով եւ ինչպի­սի գոր­ծօննե­րով կեան­քի կը կո­չուին։

Թուրքիոյ նոր ժա­մանակ­նե­րու կա­րեւո­րագոյն փո­թորիկ­նե­րէն մէ­կը ծա­գած էր, երբ թրքա­կան կոր­ծա­նիչ­ներ հա­րուա­ծեցին Ռու­սա­կան «ՍՈՒ-23» կոր­ծա­նիչ ինքնա­թիռը։

«Եր­կու պե­տու­թիւննե­րու մի­ջեւ գո­յացած ճգնա­ժամը լու­ծե­լու հա­մար իս­կոյն մի­ջոց­ներ որո­նեցի։ Նախ­կին Խորհրդա­յին եր­կիրնե­րէ բա­րեկամ­նե­րուս միջ­նորդու­թեամբ ժա­մադ­րո­ւեցայ Փու­թի­նի հետ եւ գտանք հաշ­տութեան եղա­նակ­նե­րը»։

Չաղ­լար եւս առա­ջարկներ ու­նի Ռու­սա­կան «Ս-400» հրթիռ­նե­րու պատ­ճա­ռաւ ԱՄՆ-ի հետ գո­յացած ճգնա­ժամը լու­ծե­լու հա­մար։ Ան հա­մոզո­ւած է որ, Թուրքիա այդ հրթիռ­նե­րը կրնայ վա­ճառել եր­րորդ երկրի մը եւ ձեր­բա­զատո­ւիլ ԱՄՆ-ի պատ­ժա­միջոց­նե­րէն։

Այս պա­հուն յի­շենք թէ Չաղ­լար անո­ւանի գոր­ծա­րար մըն է նաեւ եւ այդ դա­սակարգն ալ խնդիր­նե­րը լու­ծե­լու հա­մար կը դի­մէ նման եղա­նակ­նե­րու։

 

Բագրատ Էսդուգեան

«Ակօս»