Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հոսէյն Ամիր Ապտոլլահեան եւ անոր ատրպէյճանցի գործընկեր Ճէյհուն Պայրամով հեռախօսազրոյց ունեցած են՝ քննարկելով երկկողմ համագործակցութեան ու տարածաշրջանային զարգացումներուն վերաբերող հիմնական հարցերը, հաղորդած է Mehr գործակալութիւնը։
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան համաձայն՝ հեռախօսազրոյցի ընթացքին Ամիր Ապտոլլահեանը յայտարարած է. «Երկու երկիրներու միջեւ համագործակցութեան գործընթացը ներկայիս կը գտնուի կառուցողական եւ դրական ուղիի վրայ»:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարը «յաջող» որակած է Իրանի եւ Ատրպէյճանի տնտեսական համագործակցութեան համատեղ յանձնաժողովի ղեկավարներու վերջին հանդիպումը Ասթարայի մէջ՝ աւելցնելով, որ երկու երկիրներու միջեւ լաւ պայմանաւորուածութիւններ կնքուած են յատկապէս երկաթուղային եւ ճանապարհային ոլորտի մէջ։
Պայրամով, իր հերթին, Ատրպէյճանի երախտագիտութիւնը յայտնած է Ղարաբաղի հարցով Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան կառուցողական դիրքորոշումներու համար, ինչպէս նաեւ ներկայացուցած է Հայաստանի հետ բանակցութիւններու եւ Լաչինի միջանցքի շուրջ առկայ իրավիճակը։
Կողմերը ոչ կառուցողական համարած են տարածաշրջանի մէջ օտար ուժերու ներկայութիւնն ու միջամտութիւնը՝ միաժամանակ ընդգծելով տարածաշրջանային խնդիրներու լուծման անհրաժեշտութիւնը տարածաշրջանի երկիրներու եւ դերակատարներու կողմէ: