image

Տանըլտ Թրամփի դէմ դատական գործերը պիտի կասեցուին

Տանըլտ Թրամփի դէմ դատական գործերը պիտի կասեցուին

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու շրջանային դատարանի դատաւոր Թանիա Չատքան դադրեցուցած է Տանըլտ Թրամփի դէմ ընթացող դատական գործերու ընթացքը՝ կապուած նախագահական ընտրութիւններուն անոր տարած յաղթանակին հետ։ Ինչպէս գրած է National Public Radio-ն, այս որոշումը կայացած է՝ հաշուի առնելով Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան նախարարութեան քաղաքականութիւնը, ըստ որու՝ պաշտօնավարող նախագահները կարելի չէ ենթարկել քրէական պատասխանատուութեան։ 

Յատուկ դատախազ Ճէյք Սմիթ անցեալ տարի մեղադրանքներ ներկայացուցած էր Թրամփի դէմ՝ 2020 թուականի ընտրութիւններու արդիւնքները փոխելու փորձերու եւ Մար-ա-Լակոյի մէջ գաղտնի փաստաթուղթերու ապօրինի պահպանման կապակցութեամբ։ Սակայն Թրամփի յաղթանակէն յետոյ Սմիթի անձնակազմը կը վերանայի գործի ընթացքը՝ արդարադատութեան նախարարութեան դիրքորոշման համաձայն, ըստ որու՝ նախագահները պաշտօնավարման ընթացքին ունին պաշտպանութիւն քրէական մեղադրանքներէն։

Դատարան ներկայացուած դիմումով Սմիթի անձնակազմը խնդրած է չեղեալ համարել հետագայ դատական նիստերու ժամանակացոյցը՝ նշելով, որ անհրաժեշտ է գնահատել իրավիճակը եւ որոշել հետագայ քայլերը։ Դատաւոր Չատքան բաւարարած է այս խնդրանքը եւ պարտաւորեցուցած դատախազներուն ներկայացնելու իրենց առաջարկութիւնը մինչեւ 2 դեկտեմբեր։ 

Տանըլտ Թրամփ, որ այս երկու գործերը քննադատած է՝ զանոնք որակելով քաղաքականապէս դրդուած, աւելի վաղ յայտարարած էր, որ ընտրուելու պարագային յատուկ դատախազ Ճէյք Սմիթը պիտի ազատէ պաշտօնէն։

Այս առաջին դէպքն է Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ, երբ նախկին նախագահը քրէական հետապնդման ենթարկուած է, եւ այժմ դատական գործերը կը դադրեցուին՝ նկատի առնելով անոր կարգավիճակը, որպէս ընտրուած նախագահ։