image

«Տականք» երգը մեծ աղմուկ հանած է համացանցի վրայ (Տեսանիւթ)

«Տականք» երգը մեծ աղմուկ հանած է համացանցի  վրայ (Տեսանիւթ)

Վերջին օրերուն «Տականք» երգը մեծ աղմուկ հանած է համացանցի  վրայ:

Այս մասին գրած է հայրենի  «Հրապարակ»  թերթը  մասնաւորապէս նշելով, թէ համացանցին մէջ նախօրէին մեծ տարածում գտած Eleven green խումբի «Տականք» երգը կատարող Նարէ Նիկոյեանը ԱԺ նախկին նախագահ, ՀՀԿ-ական Սամուէլ Նիկոյեանի դուստրն է: Աւելին` Նարէն եւ իր ամուսինն են երգի բառերուն եւ տեսանիւթին հեղինակը:

Յիշեցնենք, որ երէկ թելեկրամեան Մելիք Ադամեան-2 ալիքը տարածած է Eleven Green խումբի «Տականք» երգը` մէջբերելով անոր հետեւեալ խօսքերը․ «Դու տականք ես, տականք, Լաչառ սուտասան, անտաղանդ դերասան, Դու տականք ես, տականք` Ոչ սովորական, այլ` դաւաճան»: Երէկուընէ համացանցին վրայ կը քննարկուի եւ կը քաղաքականացուի «Տականք»ը, չնայած երգի հեղինակը խնդրեց այն չքաղաքականացնել: