Երուսաղէմի Հայոց Միաբանութիւնը երէկ արժանավայել կերպով նշած է Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ նուիրապետական Աթոռ՝ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքի եկեղեցական ծառայութեան 50-րդ տարեդարձը։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան դիմատետրի էջէն, որ մասնաւորապէս կը յայտնէ, թէ Պատրիարք հօր քահանայական ձեռնադրութեան 50-րդ տարեդարձին առթիւ, եւ յաւարտ Սուրբ Պատարագի Միաբանութեան անդամ հայրերը, ինչպէս նաեւ Սաղիմահայ համայնքի անձնաւորութիւններ միասնաբար մուտք գործած են Պատրիարքական գլխաւոր դահլիճ, ուր հնչած են յաւուր պատշաճի խօսքեր։
Այս առթիւ խօսք արտասանողներէն եղած է Միաբանութեան անդամներէն Տ. Պարէտ Ծ. Վրդ. Երէցեան, որ իր խօսքին մէջ կարեւորած է օրուան իմաստն ու խորհուրդը։
Տ. Պարէտ ծ. վարդապետ մասնաւորապէս ըսած է «Այսօր մեզի համար, մեր եկեղեցիին համար պատմական օր է, որովհետեւ կը նշենք մեր Սուրբ Աթոռի գահակալին քահանայական ձեռնադրութեան յիսնամեակը»։
Տ. Պարէտ ծ.վրդ. նաեւ ըսած է, որ ինք լաւ կը յիշէ առաջին այն օրը, երբ Տ. Նուրհան Պատրիարք ժամանեց Երուսաղէմ ու կը յիշէ նաեւ, Պատրիարք հօր անցած ամբողջ ճանապարհը։
Ան նաեւ նշած է, որ այսօր Պատրիարքական Աթոռը կը գտնուի բարւոք վիճակի մը մէջ, եւ այդ բոլորը իրենք կը պարտին Տ. Նուրհան Պատրիարքին, որ աչալրջօրէն ու մեծ նուիրումով կը ծառայէ Երուսաղէմի Սուրբ Աթոռին։
Ապա խօսքով հանդէս եկած է Աթոռի Երէց Միաբաններէն Տ. Սեւան արք. Ղարիպեան , որ շնորհաւորած է Սրբազան Հայրը այս առթիւ, նշելով, որ միայն խօսքով հեշտ է յիշել ու յիշատակել 50 տարիներու ամբողջ գործունէութիւնը, հաստատելով նաեւ, որ այդ երկար տարիներու ընթացքին եղած են մեծ դժուարութիւններ։
Տ. Սեւան արք. նաեւ ըսած է, որ այսօր Եկեղեցին ու ժողովուրդը մէկ են ու իրենք, ինչպէս նաեւ Երուսաղէմի հայոց համայնքը բոլորուած են Պատրիարք Հօր շուրջ եւ շնորհիւ սիրոյ եւ հաւատարմութեան, որպէս մէկ ընտանիք պիտի ծառայեն պատմական Աթոռի։ Տ. Սամուէլ մասնաւորապէս նշած է ՝ «Պէտք է բոլորը տեսնեն, որ մենք մէկ մարմին ու մէկ ոգի ենք, ու շնորհիւ եղբայրական ու եկեղացական ոգիին բոլոր դժուարութիւնները պիտի յաղթահարուին»։
Ապա հակիրճ խօսքով հանդէս եկած է Տ. Նուրհան Պատրիարքը շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր ներկաներուն ու նաեւ նշելով, որ իր համար որպէս եկեղեցական գործելը նախ եւ առաջ ծառայութիւն է, վստահեցնելով, որ պիտի շարունակէ գործել քալելով նոյն ծառայութեան ուղիէն։
Աւարտին բոլոր ներկաներու ծափողջոյններուն ու կենացներուն ռիթմին ներքոյ Երուսաղէմի Հայոց 98-րդ Պատրիարք՝Տ. Նուրհան արք. ը հատած է օրուան կարկանդակը։