Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի թեմերը ձեռնահասօրէն հովուող Գերշ. Տ. Մեսրոպ եպս. Սարգիսեանի մասին գրած ենք տարբեր առիթներով։
Բարձր մակարդակի կապեր հաստատած Սրբազան Հայրը, օրերս ընդառաջած է ԱՄԷ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութեան կողմէ կազմակերպուած ընթրիքի մը, որ Ռամատանի օրերուն ըլլալուն կը կոչուի ՝ Իֆթար։
Կը ներկայացնենք այս առթիւ Թեմին դիմատետրեան էջին կողմէ հրապարակուած լրատւութիւնը։
Երկուշաբթի, 18 Ապրիլ 2022-ին երեկոյեան, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հաւատարմատար՝ Պրն. Շոն Մըրֆիի յատուկ հրաւէրով, Թեմիս Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեանը կը մասնակցի Միջ-կրօնական իֆթարին: Նշենք որ այս հանդիպման ընթացքին առիթը ընծայուեցաւ արտայայտուելու Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց ընկերութեան կեանքէն ներս յառաջացած համերաշխութեան եւ կրօններու՝ յատկապէս փոքրամասնութիւններու կրօնական ազատութեան մասին: