image

Տ. Մասիս Սրբազանի նախագահութեամբ՝ Ազգային Վարչութեան անդրանիկ նիստ

Տ. Մասիս Սրբազանի  նախագահութեամբ՝ Ազգային Վարչութեան  անդրանիկ նիստ

 Բերիոյ Թեմի   դիմատետրի   պաշտօնական էջէն կը կարդանք, որ  օրերս գումարուած է  Թեմի  նոր ընտրուած  Ազգային Վարչութեան  առաջին նիստը։

 

 

 Այս մասին էջը մասնաւորաբար  գրած է ՝

 

14 Յունուար 2022-ին, Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի 169-րդ նիստին կողմէ ընտրուած Ազգային Վարչութիւնը ստացաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին վաւերացումը։

Նախագահութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի, նորընտիր Ազգային Վարչութիւնը գումարեց իր անդրանիկ նիստը եւ կազմեց իր դիւանը հետեւեալ պատկերով.-

Մեթր Սունպուլ Սունպուլեան  (ատենապետ)

Երկրչ. Մարալ Գալայճեան-Սէմէրճեան (ատենադպիր)

Նորին Սրբութիւնը հայրապետական գիրին մէջ  վաւերացնելով Ազգային Վարչութեան նոր կազմը, Ամենաբարին Աստուծմէ կը հայցէ, որ ֆիզիքապէս ու հոգեպէս զօրացնէ Ազգային Վարչութեան նորընտիր անդամները, որպէսզի միասնաբար լծուին ժողովուրդի ծառայութեան՝ յատկապէս վերականգնումի աշխատանքներու ծիրէն ներս։

Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց Ազգային Վարչութեան նորընտիր անդամները եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց, թելադրելով, որ հերթական նիստեր գումարելով երկամեայ աշխատանքային ծրագիր մշակեն՝ միասնաբար յաջող եւ արդիւնաւէտ շրջան մը թեւակոխելու տեսլականով: