image

Սովորական երկաթուղի պիտի ըլլայ. Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը կասկածի տակ դնող չկայ. Ռուս պաշտօնեայ

Սովորական երկաթուղի պիտի ըլլայ. Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը կասկածի տակ դնող չկայ. Ռուս պաշտօնեայ

Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի փոխվարչապետներու վերջին հանդիպումը տեւած է 9 ժամ, Սոչիի մէջ Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) միջկառավարական խորհուրդի շրջածիրէն ներս ըսած է Ռուսիոյ Դաշնութեան փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքը։

Ատոր հիման վրայ պայմանաւորուածութիւն կայ հիմնարար կէտերու շուրջ՝ ուրկէ պիտի անցնի երկաթգիծը, ինչպէս պիտի իրականացուի մաքսային հսկողութիւնը։

«Այն սովորական երկաթուղի պիտի ըլլայ, Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը ոչ ոք կասկածի տակ կը դնէ, եւ բոլոր կողմերէն ցանկութիւն կայ հնարաւորինս շուտ սկսիլ ապաշրջափակման գործընթացը», -ըսած է Օվերչուքը:

Ռուսիոյ Դաշնութեան փոխվարչապետը աւելցուցած է նաեւ, որ Հայաստանէն կախեալ պիտի ըլլայ Ռուսիոյ Դաշնութեան Անվտանգութեան դաշնային ծառայութեան կողմէ սահմանային հսկողութիւն իրականացնելու հնարաւորութիւնը։