Սուտանի մէջ տեղի կ՚ունենան բաւականին մտահոգիչ զարգացումներ։
Աւելի վաղ յայտնած էինք, երկրի բանակային մարմիններուն կողմէ գործի դրուած կարգադրութիւններուն մասին, որոնց հետեւանքով ալ Սուտանի փոխանցման կառավարութեան վարչապետ՝ Համտուք եւ իր տիկինը տարուած էին անյայտ ուղղութեամբ եւ մինչեւ այս պահը անոնց ճակատագիրը կը մնայ աղօտ։
Բնականաբար մեզի համար կարեւոր էր իմանալ, թէ ինչպիսի իրավիճակ կը տիրէ Սուտանի հայկական համայնքի շրջանակներուն մօտ ու այդ առումով ալ այսօր կարճ զրոյց մ՚ունեցանք Եգիպտոսի, Եթովպիոյ եւ Սուտանի թեմերու առաջնորդ (կեդրոնը՝ Գահիրէ) Տ. Աշոտ եպս. Մնացականեանին հետ։
Սրբազան հայրը վերջին տուեալները «Արեւելք»ին հաղորդելով մասնաւորապէս նշեց, որ հակառակ մայրաքաղաք Խարթումի մէջ ընթացող եւ իրենց բնոյթով մտահոգիչ զարգացումներուն Սուտանի հայկական համայնքը կը գտնուի ապահով վիճակի մը մէջ։
Սրբազան հայրը այս առումով մասնաւորապէս ըսաւ՝ «Այսօր իսկ խօսած եմ Խարթումի մէջ գտնուող Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ վարչական խորհուրդի պատասխանատուներուն հետ եւ անոնցմէ իմացած, որ համայնքը ապահով վիճակի մը մէջ է։ Ոչ մէկ խնդիր չունին, կը գտնուին իրենց բնակարաններուն մէջ եւ սնունդի կամ այլ կարեւոր պէտքերու հարցեր չկան»,-ըսաւ Սրբազան հայրը, նշելով որ մշտական կապի մէջ է համայնքի պատասխանատուներուն հետ եւ մօտէն կը հետեւի զարգացումներուն։
Յիշեցնենք նաեւ, որ մայրաքաղաք Խարթումի մէջ ընթացող բողոքի հաւաքներուն ընթացքին եղած են բախումներ, որուն հետեւանքով ալ զոհուած են երկու անձեր եւ կան տասնեակ վիրաւորեալներ։
Պիտի շարունակենք հետեւիլ զարգացումներուն։