image

«Սուրմալու»ի պայթում. Զոհերու թիւը հասաւ 2-ի

«Սուրմալու»ի պայթում. Զոհերու թիւը հասաւ 2-ի

Քիչ առաջ ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան մէկ բանբերը յայտարարեց որ այսօր արառւօտ, «Սուրմալու»ի շուկային մէջ որոտացած պայթումին հետեւանքով զոհերուն թիւը հասած է երկուքի, իսկ վիրաւորներունը՝ 60-ի:

Բանբերը նշած է նաեւ, որ երկրորդ զոհին դիակը գտնուած է փլատակներու տակէն:

Յիշեցնենք, որ այսօր յետմիջօրէի ժամը շուրջ 13:00-ին պայթում մը ցնցած էր Երեւանը: Պայթումը տեղի ունեցած էր «Սուրմալու» շուկային մէջ, որմէ ետք ալ ծագած էին տարբեր մակարդակի հրդեհներ: Պայթումը եղած էր պայթուցիկ նիւթերու պահեստանոցին մէջ: