Հայաստանի կառավարութիւնը պիտի չփոխհատուցէ «Սուրմալու» տօնավաճառի մէջ տեղի ունեցած պայթումէն տուժած տնտեսվարողներուն:
Այս մասին կառավարութեան նիստէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է ՀՀ տնտեսութեան նախարար Վահան Քերոբեան:
Անոր խօսքով՝ «Սուրմալու» տօնավաճառին մէջ աշխատող գործարարները չէին ապահովագրած իրենց գոյքը:
«Կառավարութիւնը չի կարող իր վրայ գործառոյթ վերցնել եւ փոխհատուցել այն ծախսը, որը ապահովագրական ընկերութիւնը պէտք է փոխհատուցէր: Եթէ գործարարը այդ ռիսկը մեծ չի համարել, ապա կառավարութիւնը անելիք չունի այստեղ»,-ըսած է ան: