image

Մինչեւ 250 հազար դրամ փոխհատուցում պիտի տրուի Մերձաւոր Արեւելքէն վերադարձողներուն

Մինչեւ 250 հազար դրամ փոխհատուցում պիտի տրուի Մերձաւոր Արեւելքէն վերադարձողներուն

Կառավարութիւնը մինչեւ 250 հազար դրամ փոխհատուցում պիտի յատկացնէ ՀՀ այն քաղաքացիներուն, որոնց ՀՀ վերադարձի / տարանցիկ չուերթները չեղարկուած էին Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով։ Նման նախաձեռնութեամբ հանդէս եկած է արտաքին գործոց նախարարութիւնը։

Խօսքն այն քաղաքացիներու մասին է, որոնք նոր տոմսեր ձեռք բերած են Հայաստան վերադառնալու համար։

«Քաղաքացու կողմից աւելի պակաս արժէքով նոր տոմսի ձեռքբերման պարագայում փոխհատուցումը կը տրամադրուի վճարված գումարի չափով» ,- իր դիմատետրեան էջին գրած է արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը։

Փոխհատուցման տրամադրման մեխանիզմը եւ յաւելեալ մանրամասնութիւնները պիտի սահմանուին առաջիկայ օրերուն։