«Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնի պայթումի հետեւանքով զոհուած 22-ամեայ Վաչագան Եղոյեան կ'աշխատէր կեդրոնին մէջ։ Վաչագանը 44-օրեայ պատերազմի մասնակից էր։
«Ծառայել ու պատերազմել ենք Մարտակերտում՝ սկզբից մինչեւ վերջ։ Վաչագանը շատ հանգիստ, կատակասէր ու հասուն տղայ էր»,- NEWS.am-ի հետ զրոյցին ըսած է Վաչագանի ծառայակից ընկերը։
Վաչագանը կը զբաղէր բռնցքամարտով, կ'ապրէր Շէնգաւիթ համայնքին մէջ։
Աւելի վաղ, Վաչագանի ազգականը դէպքի վայրէն՝ NEWS.am-ի թղթակցի հետ զրոյցի ժամանակ պատմած էր, որ պայթումի պահուն Վաչագանը նկուղը եղած էր, ան հասցուցած է զանգելու քանի մը տաղավար այն կողմ աշխատող եղբօրը եւ ըսել, որ շէնքէն արագ դուրս գայ։ Անկէ ետք Վաչագանի հետ կապը կորած էր։